2016-05-14 13:31:00

Բուռն կրակոցներ` Մարտակերտի եւ Թալիշի ուղղութիւններով


Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հինգշաբթի, 13 մայիս 2016-ին՝ երեկոյեան, Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ հակառակորդը սկսած է տարբեր տրամաչափի ականանետերէ արկակոծման ենթարկել պաշտպանութեան բանակի մարտական յենակէտերը:

Կրակոցներ արձանագրուած են յատկապէս առաջնային գիծի հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) եւ հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութիւններով, որոնց ընթացքին հակառակորդը 82 միլլիմեթրնոց ականանետերէ արձակած է 116 արկ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Յատկանշական է, որ հակառակորդը, իր սովորութեան համաձայն, շփման գիծին վրայ իրադրութիւնը ապակայունացնելու իր քայլերը կը փորձէ բարդել ղարաբաղեան կողմին վրայ, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը պահպանեն կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը եւ պատասխան գործողութիւններու կը դիմեն միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային` թիրախ ընտրելով բացառապէս հակառակորդի կրակակէտերը», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.